2013-12-19 12:17:53

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը` '' Հեզութիւնը պտղաբեր է, հպարտութիւնը` անբերրի'' ըսաւ Քահանայապետը իր այսօրուայ քարոզին մէջ։


Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Սէն Վէնսան եւ Կրէնատինի կղզեխումբի վարչապետ` Տիար Կոնսալվէս, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց Իտաիոյ Եւ Սան Մարինոյի հանրապետութիւններու մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ատրիանօ Պերնարտինի ու ապա Հայիթի մօտ Պապական նուիրակ գերապայծառ Պերնարտիդօ Աուզա։ Հուսկ ժամը 12,30-ին Սրբազան Հայրը ընդունեց` Սուրբ Պօղոսի պազիլիքայի Աբբահայրը, գերապատիւ Հայր Էտմունտ Փաուէր։

Իսկ առաւօտեան կանուխ, իր առօրեայ մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին մէջ ընդգծեց թէ ''հեզութիւնը անհրաժեշտ է պտղաբերութեան համար'' հաստատելով թէ ''Աստուծոյ միջամտոթիւնը կը յաղթահարէ մեր կեանքի անբերրիութիւնը ու զայն պտղաբեր կը դարձնէ''։
Սրբազան Քահանայապետը զգուշացուց ամբարտաւան վերաբերմունքներէն որ մեզ ''ամուլ'' կը դարձնեն: Աստուծոյ միջամտութիւնն է որ մեզի փրկութիւն կը պարգեւէ, որ մեզի կ՛օգնէ ընթանալու սրբութեան ճանապարհով։ Միայն Ինքն է որ կարող է այս բանը ընել - ըսաւ Քահանայապետը - շեշտելով թէ, մենք ալ մեր կարգին պէտք ենք ընդունիլ եւ գիտակցիլ այդ իրողութեան ու Տիրոջմէ խնդրել որ մեր կեանքը կեանք պարգեւէ, ու մեր հաւատքը ըլլայ բեղուն որպէսզի կարենանք զայն փոխանցել նաեւ ուրիշներուն։ Այս է աղօթքը որ պէտք ենք բարձրացնել Սուրբ Ծնունդի նախօրեակին զգուշանալով սնապարծութենէն եւ հպարտութենէն որ մեզ անպտուղ կը դարձնեն, ըսաւ Քահանայապետը, հաստատելով թէ ` ''հեզութիւնը անհրաժեխտ է պտղաբերութեան։ Հեզութիւնը ըսելու Տիրոջ` Տէ՛ր ես ամուլ եմ, ես անապատ մըն եմ...Էմմանուէլ, եկուր մեզի կեանք պարգեւելու, եկուր մեզ փրկելու, որովհետեւ միայն դուն ես ամենակարողը եւ ես անկարող մըն եմ։ Այս խոնարհութեամբ ընթանանք դէպի Սուրբ Ծնունդ ստանալու համար շնորհքը ըլլալու բերրի, բեղուն ու կեանք պարգեւող - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.